2012-07-10 12:34:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Նէմիի <<Բանն Աստուծոյ>> Միաբանութեան Անդամներուն Արտասանած Խօսքը ։


Երկուշաբթի 9 յուլիսի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Նէմի գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող <<Բանն Աստուծոյ>> կոչուած միաբանութիւնը ու միաբանութեան մեծաւորներու եւ 150 անդամներու ուղղած իր խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց,
47 տարիներ ետք, վերադառնալու այս վայրը, ուր կան <<քաղցր յիշատակներ>> ըսաւ Ան, աւելցնելով նաեւ որ Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի յիշատակներէն ամենէն գեղեցիկներէն մին է։
Նորին Սրբութիւնը ապա մեծարեց այդ շրջանի ընդհանուր մեծաւոր` Հայր Շէօթթէն ու ակնարկեց Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ընթացքին ծագած Աստուածաբանական մէկ հարցին ու քաջալերեց միաբանութեան անդամները աշխուժութեամբ շարունակելու իրենց առաքելութիւնը որ կարելի է - հաստատեց Ան - եթէ կայ Աւետարանի ուրախութիւնը եւ եթէ կ՛ապրինք բարիի փորձառութիւնը որ կու գայ Աստուծմէ եւ որ կ՛ուզէ ու պէտք է յայտնուի։
Շնորհակալ եմ ընդունելութեան։ Աղօթեցէք ինծի համար։ Աստուած ձեզ օրհնէ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակելով ու իր առաքելական օրհնութիւնը տալով ներկաներուն։
Նշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը անցեալ 3 յուլիսէն ի վեր կը գտնուի Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցը ուր պիտի մնայ մինչեւ հոկտեմբերի սկիզբը։








All the contents on this site are copyrighted ©.